Thursday, July 06, 2006

Հայց. Եկեղեցւոյ ներքին պառակտումը եւ զայն խորացնող հարցազրոյց մը

«Զարթօնք» օրաթերթի 29 մարտ 2006 թիւին մէջ կարդացինք Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական յարաբերութիւններու վարիչ Տ. Նարեկ եպս. Ալեէմէզեանի հետ կայացած հարցազրոյցը «Հասկ» ամսագրի համար: Նիւթն է 14-23 փետրուար 2006-ին Բրազիլի Փորթօ Ալեգրէ քաղաքին մէջ գումարուած Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) 9-րդ համաժողովին Հայաստանեայց եկեղեցւոյ մասնակցութիւնը:
Տրուած տեղեկութիւններուն համաձայն, ժողովին մասնակցած են 691 պատգամաւորներ` ներկայացնելով յիշեալ խորհուրդի անդամ 348 եկեղեցիները, որոնցմէ երկուքն է Հայց. եկեղեցին: Այո՛, երկուքը, քանի որ 1956-ի եկեղեցական պառակտումը ազգային շրջանակներէն քաշքշուեցաւ մինչեւ օտար եկեղեցական թատերաբեմ եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացաւ աշխարհին որպէս առանձին եկեղեցի եւ այդ արտառոց ընթացքին մէջ կը յամենայ տակաւին, անընդհատ կրկնելով «Մէկ ազգ, մէկ եկեղեցի» յանկերգը:
Իսկ Նարեկ Սրբազան, որ ի պաշտօնէ համաշխարհային հրապարակի վրայ ձայնն է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, շատ գոհ կը թուի ըլլալ այս կացութենէն: Ահա՛ իր կարծիքը Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «անջատաբար» ԵՀԽ-ի մասնակցութեան մասին: Անցողակի յիշելէ ետք «ոմանց կողմէ ժխտական» մեկնաբանութիւնները այս մասին, Սրբազանը կ՛ըսէ. «Տրամաբանական մօտեցում ունեցող հայը այս երեւոյթը դրական ու օգտակար պիտի նկատէ Հայ եկեղեցւոյ համար: Երկու առանձին պատուիրակութիւններով մասնակցութիւնը ո՛չ միայն թուական հզօրութիւն կ՛ապահովէ եւ կացութիւններու նկատմամբ ճկունութեան կարելիութիւն կ՛ընձեռէ, այլ նաեւ մեր ժողովուրդը յուզող հարցերուն նկատմամբ միացեալ կեցուածք ունենալու կարելիութիւն կ՛ընծայէ, պայմանաւ սակայն, որ գիտնանք ո՛ւր գործակցիլ եւ մէկ ձայնով հրապարակ գալ եւ ո՛ւր անհրաժեշտութեան պարագային տարբեր մօտեցումներ ունենալ»:
Որպէս հայ եւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ զաւակ նման «տրամաբանութեամբ» մը զինուելէ եւ զրահուելէ ետք` խորապէս ափսոսացի, որ բաւարարուեր ենք միայն եկու աթոռներու պատուիրակութիւններով եւ պահ մը երեւակայեցի բազմապատկումը այն բոլոր բարիքներուն_հզօրութեան ապահովում, կացութիւններու նկատմամբ ճկունութիւն, միացեալ կեցուածք ունենալու կարելիութիւն_եթէ չորս կամ աւելի առանձին պատուիրակութիւններով գացած ըլլայինք համագումարին: Երանի՛ խափանուած չըլլային Աղթամարի եւ Աղուանից կաթողիկոսութիւնները:
Իսկ Սրբազանին կողմէ յիշուած բոլոր սքանչելի՜ կարելիութիւններն անշուշտ կախեալ են «պայմանաւ»-էն, որ ընթերցողը անորոշութեան կրնայ մատնել: Ուրեմն կան ատեններ եւ պարագաներ, երբ չենք գիտեր «գործակցիլ եւ մէկ ձայնով հրապարակ գալ»: Եթէ այդ վտանգը կայ, ինչո՞ւ «անջատաբար» կը գործենք եւ ապա երազային գործակցութեան մը կը ձգտինք: Եւ ի՞նչ կը նշանակէ «անհրաժեշտութեան պարագային տարբեր մօտեցումներ ունենալ»: Նախ եւ առաջ` ո՞վ կ՛որոշէ պարագայի մը անհրաժեշտ ըլլալը կամ չըլլալը: Երկրորդ` անհրաժեշտութեան մը պարագային միշտ աւելի իմաստուն պիտի չըլլա՞յ եկեղեցւոյ, հայրենիքին եւ ազգին գերագոյն շահերը բիւրեղացնել, որպէսզի տարբեր մօտեցումները այդ շահերէն բխին: Երկու «անջատաբար» գործող պատգամաւորութեամբ ինչպէ՞ս կարելի է իրագործել ասիկա: «Ամենայն թագաւորութիւն բաժանեալ յանձն իւր աւերի. եւ ամենայն քաղաք եւ տուն բաժանեալ յանձն իւր` ոչ կացցէ» (Մատթ. ԺԲ. 25):
Սրբազանին հաստատումներէն մէկն ալ այն է, թե «մեր երկու պատուիրակութիւններուն միջեւ սիրալիր յարաբերութիւն ու գործակցութիւն կար, սակայն աւելի՛ն ըլլալու ակնկալութիւնը ունինք միշտ»: Եթէ մէկ ազգ եւ մէկ եկեղեցի ենք, մեզի հետ «սիրալիր յարաբերութիւն ու գործակցութիւն» ունենալը ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ: Եթէ ակնկալութիւն մը կայ, այդ ալ պէտք է ըլլայ վերջ տալ երկփեղկումին, որ ստեղծուեցաւ 1956 թուականին եւ այսօր կէս դարէ ի վեր կը գոյատեւէ ի վնաս մեր ժողովուրդին:
Սրբազանին հարցազրոյցին մէջ նկատելի է ուրիշ յատկանշական երեւոյթ մը, որ այս վերջերս կիլիկեան այլ միաբաններու եւ աշխարհականներու գրութիւններուն եւ խօսքերուն մէջ կարելի է նշմարել: Ամէն անգամ, երբ Կիլիկիոյ աթոռին մասին է խօսքը` «աթոռ» բառին որպէս ստորոգելի կը գործածուի «սուրբ» ածականը: Նարեկ Սրբազանի հարցազրոյցին մէջ երեք կամ չորս անգամ գործածուած է «մեր Ս. Աթոռը» բացատրութիւնը, իսկ տեղ մըն ալ` ակնարկելով Ս. Էջմիածնի եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւններուն` «մեր երկու Ս. Աթոռները» կ՛ըսուի_այսինքն` երկու անջատաբար սրբութեամբ պարուրուած «հաւասարազօր» աթոռներ_ականջը խօսի Մինաս Թէօլէօլեանին: Հայ ժողովուրդը իր հայրապետութեան կեդրոնը կը ճանչնայ որպէս «Մայր Աթոռ»: «Հայրապետական մաղթանք»-ի բնագրին մէջ, զոր բարեկամ հոգեւորական մը տրամադրեց, մէկ անգամ իսկ Ս. Էջմիածինը չէ կոչուած Ս. Աթոռ, այլ «Մեծ Աթոռ» կամ «Մայր Աթոռ»:
Ստոյգ է, որ Կիլիկիոյ հին կաթողիկոսներէն եւ եպիսկոպոսներէն մի քանին իրենց գրութիւններուն մէջ գործածած են «սուրբ» մակդիրը Կիլիկիոյ կաթողիկոսական աթոռին համար, բայց ասիկա ըրած են հազուադէպ առիթներով: Իսկ անթիլիասական մերօրեայ «հաւասարազօր» ամոլները առիթ չեն փախցներ սրբութեան տիտղոսով զարդարելու «մեր» աթոռը: Իսկ Ս. Էջմիածինը եւս «Ս. Աթոռ» կոչելով` կ՛երեւի թէ զրկած ըլլալ կը կարծեն զայն Մայր Աթոռ ըլլալու հանգամանքէն, որպէսզի «հաւասարազօր» կաթողիկոսութեան բորբոսած հակականոնական բանաձեւը արմատացնեն մտքերու մէջ:
Նարեկ Սրբազանի հարցազրոյցէն այն տպաւորութիւնը կը ստացուի, թէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւնը, որուն անդամ է ինք տասներեք այլ անձերու հետ, մեծ իրագործումներ կատարուած են համագումարին ընթացքին: Իսկ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի պատուիրակութեան իրագործումներուն մասին նուազագոյն տեղեկութիւն տրուած է: Նոյնիսկ չէ յիշուած, թէ այդ պատուիրակութիւնը քանի հոգիէ բաղկացեալ էր: Իրողութիւնը ա՛յն է, որ Ամենայն հայոց կաթողիկոսութիւնը եւս մեծ պատուիրակութեամբ (տասնչորս հոգի) մասնակցած էր համագումարին: Անշուշտ Նարեկ Սրբազան կ՛ըսէ, թէ Կիլիկիոյ պատգամաւորութեան գործունէութեան մասին միայն պիտի արտայայտուի: Բայց եւ այնպէս, երբ կը յայտարարէ, թէ «մեր երկու պատուիրակութիւններուն միջեւ սիրալիր յարաբերութիւն ու գործակցութիւն կար», պարտաւոր էր ընթերցողներուս տեղեկացնելու, թէ այդ «սիրալիր յարաբերութիւն»-ը եւ «գործակցութիւն»-ը ինչ մարզերու մէջ էր եւ անոր շնորհիւ ինչ բաներ իրագործուեցան յօգուտ մեր եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին:
Վերջերս հայրենիք այցելութեանս օրերուն առիթ ունեցայ համագումարին մասին կարգ մը տեղեկութիւններ քաղելու Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան մասնակցող աշխարհական կարգ մը անդամներէն: «Սիրալիր յարաբերութենէ եւ գործակցութենէ» փարսախներով հեռու, տարբեր եւ տխուր պատկեր մը ներկայացուցին անոնք Կիլիկիոյ պատուիրակութեան «քաջագործութիւններուն» մասին: Նարեկ Սրբազան եւ իր ընկերները ընտրողական յանձնախումբին մէջ ճնշում բանեցնելով` ամէն աշխատանք տարած են նսեմացնելու Մայր աթոռի պատուիրակութիւնը, ջանալով խափանել անոր անդամներուն մուտքը բարձրագոյն վարչական ժողովներէն ներս: Ասիկա բացէ ի բաց անարգանք է հայ ազգին, հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին եւ մանաւանդ Մայր հայրենիքին, ուր կը գտնուի աշխարհասփիւռ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ կեդրոնատեղին: Իրողութիւնը ա՛յն է, որ միայն Մայր աթոռի պատուիրակութեան ծանր բողոքներուն վրայ առիթ տրուած է, որպէսզի պատուիրակութեան անդամներէն ոմանց անունները դրուին ընտրացանկերուն վրայ եւ արդիւնքը այն եղած է, որ անոնք ընտրուին որպէս անդամ բարձրագոյն վարչական մարմիններուն` ներկայացնելու համար Հայց. եկեղեցին եւ Մայր աթոռը:
Ի՞նչ իմաստութիւն կրնայ ըլլալ այսպիսի «մրցակցութեան» մէջ, երբ մեր Սուրբ եկեղեցին համաշխարհային եկեղեցական շրջանակներէ ներս կը ներկայանայ երկփեղկեալ ճակատով: Ի՞նչ շահ կրնանք ապահովել մեր եկեղեցւոյն, մեր ժողովուրդին եւ մայր հայրենիքին, երբ ամբողջ աշխարհի առջեւ օր ցերեկով Անթիլիաս առիթ չի փախցներ իր հաւասարազօր կաթողիկոսութեան սին ձգտումներով եւ երազներով ճաթռտուքներ յառաջացնելու Հայաստանեայց եկեղեցւոյ նուիրապետական կառոյցին մէջ: Մի՞թե պատմութիւնը դարձեալ եւ դարձեալ չէ փաստած, որ Հայց. եկեղեցւոյ աստուածակառոյց նուիրապետութիւնը անսասան է, իսկ օտար երկրի մը ծովափնեայ աւազներուն վրայ հիմնուածը` ժամանակաւոր եւ միշտ ենթակայ փլուզումի:
Որպէս հետեւանք ազգին մէջ ազգ եւ եկեղեցիին մէջ եկեղեցի դառնալու անջատողական ձգտումներու, Անթիլիաս վերջերս նոր թափով մը սկսած է փետրազարդել ինքզինք որպէս «հայ ուղղափառ եկեղեցւոյ կեդրոնավայր» եւ «սուրբ վայր», իսկ իր գահակալը ներկայացնել որպէս «առաքելական առաջնորդ» եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի «հետնորդ»: Այս ամէնը ո՞ւր պիտի առաջնորդեն մեզ, մանաւանդ այսօր, երբ ցրուած ենք աշխարհի չորս ծագերուն եւ մեր ժողովուրդը պէտք ունի զինք միաւորող առաջնորդներու եւ միասնականութեան առաջնորդող հաստատութիւններու: Անջատողական ոգիով ի՞նչպէս պիտի կարենանք մեր եւ մեր հայրենիքին դէմ ծառացող բազում դժուարութիւնները դիմագրաւել, խութերը եւ խոչընդոտները հարթել, ուծացման եւ մեր զաւակները մեզմէ խլող աղանդաւորական եւ այլ տեսակի վնասակար քաղաքական եւ ընկերային շարժումներուն առաջքը առնել: Ասիկա ժամանակը չէ միջնադարեան վէճեր յարուցանելու, հինէն եկած եկեղեցւոյ նուիրապետական կարգը փոփոխութեան ենթարկելու: Մեր բոլոր աթոռներն ալ այդ կարգին մէջ ունին իրենց հաստատուն եւ յարգելի տեղը: Մէկուն նսեմացումը եւ միւսին բարձրացումը միայն կրնայ կագ ու կռիւ ստեղծել եւ յաչս ժողովուրդին նսեմացնել բովանդակ եկեղեցին եւ հոգեւորականութիւնը: Կէս դարէ ի վեր նման վէճեր միայն ծառայած են մէկ բանի` պարպելու ժողովուրդը իր զգացումներէն հանդէպ ազգին եւ ազգային եկեղեցւոյ: Այսօր ազատ եւ անկախ հայրենիքի իրականութիւնը կը պարտադրէ, որ մէկ կողմ դնենք մեր տարակարծութիւնը եւ լծուինք հայրենիքի շինութեան եւ ազգային եկեղեցւոյ բարեզարդութեան: Այդ զոյգ նպատակներուն եթէ իրապէս կը հաւատանք, պէտք է համոզուինք, որ հատուածական կամ կողմնակի շահերու հետապնդումը միայն վնաս կրնան հասցնել:
Յ. ԹՈՐՈՍՅԱՆ

1 Պատգամ:

Anonymous said...

Nice! Where you get this guestbook? I want the same script.. Awesome content. thankyou.
»

Post a Comment

Twitter Delicious Facebook Digg Stumbleupon Favorites More

 
Բլոգը պատրաստել է Արթին Առաքելյանը